ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ

Կոչ Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարի Նորոգութեան

Google+ Pinterest LinkedIn Tumblr +

Կոչ Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարի Նորոգութեան

 

“էջ Միածին ի Հօրէ ի սիրտս ձեր”

 

Սիրելի հաւատաւոր հայորդիներ,

 

Փառք Ամենակարողին, որ ողջ հայութեան նուիրական հոգեւոր կեդրոնի` Սբ. Էջմիածնի Կաթողիկէի, սիրտը կը բաբախէ եւ անընդհատ իր սիրոյ պատգամը կը յղէ իր զաւակաց, նոյնիսկ այս օրերուն, երբ ան իր դռները փակած է անյետաձգելի աշխատանքներու բերումով:

 

Իրազեկ էք արդեն, որ բաւական երկար ժամանակ է ինչ Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարը վերանորոգութեան ընթացքի մը մէջ է: Վեհափառ հայրապետի տնօրինումով մենք նշանակուած ենք նորոգութեան նուիրահաւաքի ընդհանուր պատասխանատուի պարտականութեան եւ ամիսներ շարունակ լծուած ենք աշխատանքի, որպէսզի համազգային մասնակցութեամբ կարելի ըլլայ գոյացնել վերանորոգութեան համար սպասուած պիւտճէն:

 

1700 եւ աւելի տարիներ շարունակ Սբ. Էջմիածինը իր Մայր Տաճարով եղած է մեր ժողովրդի զաւակները իրար կապող ու միացնող հոգեւոր մագնիսը: Դարերու ընթացքին ի~նչ փորձութիւններ ու վտանգներ են հասած Սբ. Էջմիածնին, եւ սակայն Աստուծոյ Աջը պահպանած է Սրբութիւն Սրբոցը մեր ազգի, որպէսզի այն դառնայ Մայրը բոլոր սերունդներու համար:

 

Մեր պատմութեան ամենէն կարեւոր հանգրուանները ծնունդն են Սբ. Էջմիածնի: Այնտեղ է ծնունդ առած քրիստոնեայ Հայաստանը, այնտեղ է թարգմանուած Աստուածաշունչ Մատեանը, Վարդանանք իրենց մէջ են գտած ճանապարհն ու նպատակը իրենց կեանքին` Սբ. Էջմիածնի Խորանին վրայ պատարագուած Քրիստոսի հաղորդակցութեամբ: Ան դարերով եղած է լոյսի եւ յոյսի փարոսը անթիւ սերունդներու: Սբ. Էջմիածնի լուսոյ Խորանէն մեզի կը բաշխուի Սբ. Միւռոնը, որով կը դրոշմենք մեր մանուկները:

Մայր Տաճարը մշտարթուն ներկայութիւնն է եղած անցնող սերունդներուն, ներկայութիւնը այսօրուան եւ գալիքին:

 

Սբ. Էջմիածինն այն սրբազան տեղն է ուր Աստուած իջաւ եւ հանդիպեց մեր ժողովուրդին, եւ այդ պահէն սկսած, մենք դարձանք առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը աշխարհի երեսին:

 

Սբ. Էջմիածինը խորհուրդն է մեր գոյութեան: Խոնարհուենք Սբ. Էջմիածնի խորհուրդին առջեւ, որպէսզի Աստուած բարձրացնէ եւ առաջնորդէ մեր ազգը դէպի յաւերժութիւն:

 

<<Սբ. Էջմիածին>>, այս սրբանուէր անունն իր մէջ կ’ամփոփէ մեր ազգային լինելիութիւնը պայմանաւորող բոլոր հիմնական որոշիչները` մեր հաւատքն առ Աստուած, մեր սէրն առ հայրենի հողը, պատմութեան զգացողութիւնը, ներկային ոգին եւ տեսիլքը վաղուան:

 

Հայոց սրբազան լեռ Արարատի դէմ կանգնած մշտարթուն հսկիչն է Սբ. Էջմիածինը:

 

Հայ Եկեղեցւոյ միութիւնը եւ հայ հաւատացեալ ժողովրդի ազգային միասնութիւնը հնարաւոր է հաստատել հայրենի հողի վրայ խարսխուած` Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան վէմին վրայ, որուն հաւասարազոր ուրիշ հեղինակութիւն կամ կեդրոն չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ:

 

Ինչ է որ կը կատարուի այսօր. հիմնապէս կը վերականգնուի Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարը: Այս մեծածախս առաքելութեան մէջ մեր բոլորի մասնակցութիւնը էական է` ոչ միայն գոյացնելու համար համապատասխան պիւտճէն, այլեւ` առաւել միաւորելու համար մեր ազգի զաւակները:

 

Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերականգնումի աշախատանքին մէջ մեր մասնակցութիւնը կոչում մըն է Աստուծմէ: Պատասխանենք Աստուծոյ կանչին քաջութեամբ ու համոզումը ունենանք, որ այդ առանձնաշնորհում մըն է:

 

Սիրելի հայորդիք, պատմութեան մէջ քիչ անգամ կը պատահի, երբ նման առանձնաշնորհումը կը տրուի մեզ, ուստի մեր հոգու պարտքը կատարենք հպարտութեամբ, գիտակից հաւատքով եւ այն մտածումով, որ Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան նուիրական պարտակականութիւնը մերն է:

Մայր Տաճարի վերանորոգութիւնը մեր ե’ւ պարտքն է, ե’ւ պատիւը:

Սիրոյ Ողջունիւ եւ Օրհնութեամբ,

Աղօթարար`

 

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ

Ատենապետ Մայր Տաճարի Նորոգութեան Յանձնախմբի

 

Share.

About Author

Comments are closed.